2015-02-28 13:07:58

Ֆրանչիսկոս քահանայապետի գործունէութիւնը` Հանդիպում ''Իտալական գործակցական ընկերութիւններու համադաշնակցութեան'' անդամներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Քառասնորդացի Հոգեւոր կրթութեան առթիւ` հինգ օր դադար արձանագրելէ ետք, այսօր սկիզբ առին Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային եւ առանձնական գործունէութիւնները։

Առաւօտեան ժամը 10,15-ին, Սրբազան Հայրը Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ ընդունեց Նափոլիի Արքեպիսկոպոսը` Կարդինալ Քրեշենցիօ Սեփեն ու ապա` Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց ''Իտալական գործակցական ընկերութիւններու համադաշնակցութեան'' եօթը հազար անդամներուն։
Յայտնենք թէ վերոյիշեալ համադաշնակցութիւնը նկատուած է որպէս Իտալիոյ գործակցական ընկերութիւններու ներկայացուցչական առաջին կազմակերպութիւնը որուն կ՛անդամակցին 19,833 հազար ընկերութիւններ։
Այս առթիւ արտասանած իր ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց վերոնշեալ գործակցական ընկերութիւններու, պատմութեան հոլովոյթին, տուած սատարը` Իտալիոյ Եկեղեցւոյ որպէս գանձ, եւ Եկեղեցւոյ կողմէ անոնց ճանաչումը, քաջալերանքն ու գնահատանքը։
Այս առընչութեամբ Սրբազան Հայրը մատնանշեց Եկեղեցւոյ վարդապետութեան փաստաթուղթերուն, մէջբերելով 1891-ին Լեւոն ԺԳ Քահանայապետի օրով հրապարակուած` ''Ռէրում Նովարում'' շրջաբերականէն ''ամէնքը սեփականատէրեր են եւ ոչ թէ բոլորը բանուորներ'' խօսքը, ինչպէս նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետի ''Քարիթաս Ին Վերիթաթէս'' շրջաբերականը, որուն մէջ վաստակաւոր քահանայապետը կը շեշտէ ''բաժնեկցութեան տնտեսութեան'' կարեւորութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը ապա հրաւիրեց ներկաները նայելու ապագայի նոր հեռանկարներուն, որպէս առաքելութիւն որ կը պահանջէ ունենալ ստեղծագործական երեւակայութիւն, որոնելու համար նոր մեթոտներ, նոր ձեւեր, մօտեցումներ եւ միջոցներ, պայքար մղելու համար ''մնացորդացի մշակոյթին'' դէմ, որ կը մշակուի համաշխարհայնացած քաղաքական եւ տնտեսա-ֆինանսական աշխարհը կառավարողներու կողմէ։

Համաշխարհայնացնել զօրակցութիւնը այսօր` կը նշանակէ մտածել անգործներու աճումի երեւոյթին, աղքատներու արցունքներուն, ու այն անհրաժեշտութեան` վերսկսելու զարգացում մը որ նկատի առնէ մարդու կատարեալ յառաջդիմութիւնը։ Ասոր համար – ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը – չէք կրնար կանք առնել նայելու թէ ինչ իրագործած էք մինչեւ օրս, այլ պէտք էք շարունակել կատարելագործել եւ ամրապնդել իսկական եւ կայուն այս իրականութիւնները զոր կառուցեցիք, ընթանալով դէպի նորանոր նորութիւններու եւ փոփոխութիւններու սահմաններ, մինչեւ գոյատեւումի ծայրամասերը, ուր յոյսը կարիքը ունի վերածաղկումի եւ ուր ներկայի քաղաքա-ընկերային համակարգը կը խեղդէ այդ յոյսը։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա քաջալերեց ներկաները ըլլալու շարժիչ ուժը որ կը զարգացնէ ու վեր կ՛առնէ տեղական հասարակութեան եւ քաղաքացիական ընկերութեան ամենաաղքատ մասերը յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով երիտասարդներուն, ինչպէս նաեւ կիներուն, առանց սակայն զանց ընելու այն չափահասները որոնք զանազան պատճառներու բերումով կորսնցուցած են աշխատանքը։ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրեց նաեւ որ անոնք ըլլան դերակատարներ որոնելու եւ իրականացնելու աշխատանքային հարցերու լուծումներ, իղձ յայտնելով որ գործակցական ընկերութիւններու միջեւ կազմակերպուի զօրակցութեան շարժում մը որ սատարէ նաեւ օգնութեան հասնելու կարօտեալներուն, հիւանդներուն եւ չքաւորներուն։
Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց տնտեսութեան ու անոր ընկերային արդարութեան ու մարդու արժանաւորութեան հետ ունեցած յարաբերութեան ու շեշտեց համագործակցական աշխատանքի ընտանիքներու ի նպաստ եւ ընտանիքի ներդաշնակ կեանք մը ապահովելու ուղղութեամբ ծրագիր մը մշակելու կարեւորութիւնը։
Այս բոլորը իրականացնելու համար – ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը – անհրաժեշտ է դրամ ունենալ եւ դրամը պէտք է օգտագործուի ու ծառայէ ներդրում ընելու համար նկատի առնելով սակայն թէ. ինչպէս կ՛սէր Սուրբ Ֆրանչիսկոսը` ''դրամը սատանային կղկղանքն է'', եւ երբ մարդը անոր ստրուկը կը դառնայ կը դատապարտուի եւ կը կործանուի։ Ասոր համար հարկաւոր է դրամը օգտագործել ուղիղ եւ պարկեշտ կերպով, ի սպաս հասարակաց բարիքին, հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը, իր ճառին վերջին մասը յատկացնելով Իտալիոյ գործակցական ընկերութիւններու առաքելութեան եւ այլ ու միջազգային գործակցական ընկերութիւններու հետ ունեցած անոնց յարաբերութեան եւ համագործակցութեան, հրաւիրելով զանոնք չմոռնալ իրենց ինքնութիւնը եւ իրենց կարգին աշխատիլ արդար ճանապարհներ հարթելու աշխարհի մէջ յառաջացնելու համար արդարութիւնը եւ խաղաղութիւնը։
Կան կաթողիկէ բնոյթ ունեցող եւ ոչ կաթողիկէ գործակցական ընկերութիւններ, ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը, դուք անվախ ապրեցէք ձեր հաւատքի ինքնութիւնը եւ ձեր քրիստոնէական դաշինքը. Յառաջ ընթացէք ու բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց ընկերացէք։








All the contents on this site are copyrighted ©.